Բլուրին վրայ տեղադրուած վանքին խաչն է որ կը դիմաւորէ ուխտաւորները, որու համար ժողովուրդը Հաճկատարը կ'անուանէ նաեւ Խաչկատար՝ խնդրանքներու կատարումը խաչին ապաւինելով:
«Արմինիըն Միրոր Սփեքթէյթոր» եւ Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթերը կ'անդրադառնան Սուչավայի Հաճկատարի վանքի հիմնադրման, նշելով թէ Հայկական տպագրութեան սկզբնաւորումէն յետոյ, 2012ի երկրորդ նշանակալից 500ամեակը կապուած է Սուչավայի Հաճկատարի վանքին հետ:
1512ին, երբ Միջերկրականի ափերուն՝ Վենետիկի մէջ, Յակոբ Մեղապարտ կը հրատարակէր հայերէն առաջին տպագիր գիրքը, Եւրոպայի մէկ այլ կեդրոնին՝ Ռումանիոյ Սուչավա քաղաքին մէջ, որ հայ մատենագրութեան մէջ յայտնի է Սեչով անունով, Տօնաւագ տոհմանունը կրող վաճառական երկու եղբայրներ դէպի Վիեննա իրենց ճանապարհին ընթացքին, այս քաղաքին մերձակայ բլուրներլէն մէկուն վրայ, հրաշալի տեսիլք մը ունենալէ ետք, ուխտեցին հիմնել վանք մը, ինչ որ իրականացուցին նոր տարին:
Ուխտի կատարմամբ կառուցուած այս վանքը կարճ ժամանակի մէջ սրբավայր մը դարձաւ ոչ միայն ռումանահայութեան, այլեւ ռումանացիներուն համար, հռչակուելով որպէս Եւրոպայի հայութեան մուրազակատար Սուրբ Կարապետ:
«Հաճկատար» կը նշանակէ հաճոյից կատար, այսինքն ցանկութիւնները, խնդրանքները կատարող՝ խնդրակատար: Մեր ժողովուրդը Հաճկատար անունը տուաւ Տիրամօր նուիրուած շարք մը նշանաւոր սրբավայրերու:
Պատահական չէ եւ մեծ խորհուրդ ունի Հաճկատարի Սուչավայի մէջ հիմնուիլը: Սուչավա Եւրոպայի հայկական հնագոյն թեմական կեդրոններէն մէկն էր, որ առանձին թեմ հռչակուեցաւ 1401ին, Ալեքսանդր Բարի իշխանի յատուկ հրովարտակով՝ քանի մը հարիւրամեակ մնալով Արեւելեան Եւրոպայի հայութիւնը համախմբող կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը: 15-16րդ դարերուն Սուչավայի մէջ կառուցւած են վեց հայկական եկեղեցիներ եւ երկու վանքեր: Ողջ Եւրոպայի տարածքին դժուար է գտնել մէկ այլ քաղաք, ուր այսքան հայկական վանք ու եկեղեցի կառուցուած ըլլայ եւ այն ալ այդ դարերուն...
Նշենք, որ այս երեւոյթը հոգեւոր խորին խորհուրդ մը ունի: Սուչավայի հայերու նախնիները այստեղ հասան Անի-Ղրիմ-Ուքրանիա-Ռումանիա երկար ճանապարհը անցնելով եւ շառաւիղներն են Բագրատունեաց փառքը պսակը եղող Անիի: Այս պատճառով է, որ ճանչցուած պատմաբան Սուրէ Քոլանճեան իր ուսումնասիրութիւնը անուանած է «Սուչավան՝ Ռումինահայոց Անին»:
Սուչավայի հայութիւնը ոչ միայն Անիէն սերած ըլլալու յիշողութիւնն ու գիտակցութիւնը պահած է, այլեւ եկեղեցաշինութեան ոգին՝ Անիի հազար ու մէկ եկեղեցիներու մանրակերտ մը ստեղծելով Սուչավայի հայկական հոգեւոր օճախներով:
Հաճկատարը այնքան հռչակուած էր, որ ռումանացիները զայն կոչած են պարզապէս «Միտոքուլ Արմենեսք՝ հայոց վանք: Սուչավայի պատմութեան կարեւոր յիշատակներէն է նաեւ այն, որ աբեղայական ձեռնադրութենէն յետոյ մինչեւ հոգեւորականի իր գործունէութեան սկսիլը քառասնօրեայ առանձնացման շրջանը Երանաշնորհ Վազգէն վեհափառը անցուց այս վանքին մէջ, 1943ին:
Քանի որ Հաճկատարը նուիրուած է Տիրամօր, գլխաւոր ուխտագնացութիւնը թէ հայերու եւ թէ ռումանացիներու կողմէ կը կատարուի Տիրամօր Վերափոխման օրը:
Վերանորոգուած Հաճկատարին մէջ այս տարի Օգոստոս 12ին, պատարագ պիտի մատուցուի Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ:
Ռումանիոյ հայոց թեմի մամլոյ դիւանը հաղորդագրութեամբ մը հրաւէր կը յղէ բոլորին, մասնակցելու ուխտագընացութեան: