Փորթուկալի մայրաքաղաքը զբօսաշրջիկներու նախասիրած քաղաքներու առաջին տասնեակին մէջ կը գտնուի: Ըստ հարցախոյզի մը հրապարակած տուեալներուն, հարցուած անձերու 80%ը կը փափաքի Լիզպոն այցելել, իսկ 91%ը դարձեալ վերադառնալ՝ երկրորդ այցելութիւն մը կատարելու համար: Որպէս լաւ նախադրեալներ կը նշուին օդի յարմարութիւնը եւ ժողովուրդի հիւրասէր կեցուածքը, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջական բազմապիսի հնարաւորութիւնները:
Երկու օր առաջ, հին պատմական նաւերու իւրայատուկ մրցում մը կազմակերպուեցաւ Լիզպոնի մէջ, երկրէն ներս զբօսաշրջութիւնը խթանելու ծրագիրներու ծիրէն ներս: