Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկանանք թէ «Հայերն ու Յառաջդիմական Քաղաքականութիւն» հիմնարկը կազմակերպած է գիտաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ տեղւոյն «Քոլումպիա» համալսարանին մէջ, Սեպտեմբեր 28-29-ին:

Այս երկօրեայ գիտաժողովին, պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներէն, Լատին Ամերիկայէն, Եւրոպայէն եւ Հայաստանէն ակադեմականներ, քաղաքագէտներ եւ մասնագէտներ:
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28-ին, պիտի արծարծուի «Ուոլ Սթրիթ»ի ցոյցերուն եւ արաբական գարնան ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ: Խօսք պիտի առնեն Սարա Լի Ուիթսըն եւ Արփինէ Գալֆայեան: Առաջինը` Human Rights Watch հիմնարկի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի պատասխանատուն է, իսկ երկրորդը` Հայաստանի Մարդկային Իրաւունքներու հիմնարկի պատասխանատուն:
Յաջորդ օրը, Շաբաթ Սեպտեմբեր 29-ին, 21-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իրավիճակը, դիտուած զանազան դիտանկիւններէ՝ տնտեսական, ընկերային, քաղաքական, եւայլն: Այս նիւթերուն շուրջ, խօսք պիտի առնեն Լարիսա Մինասեան (Open Society հիմնարկի նախագահ), Սոնա Այվազեան (Transparency International), Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (Պուէնոս Այրէսի «Սան Անտրէս» համալսարանի դասախօս),  Քըրք Ուալաս («Armenian Environmental Network») եւ այլ:
 www.armenianprogressive.com.