Համայն մարզաշխարհը իր աչքերը յառած է Լոնտոնի Ողիմպիական մարզադաշտին վրայ, ուր այսօր երեկոյեան (Յունաստանի ժամով 23:00ին) պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Ողիմպիական 30րդ մրցումներուն:

Յունաստանի պատուիրակութիւնը, որ առաջին պիտի տողանցէ մարզադաշտէն ներս, կը գլխաւորէ Ալեքսանտրոս Նիքոլայիտիս: Խաղերը պաշտօնապէս բացուած պիտի յայտարարէ Էղիսաբէթ թագուհին: Ապա պիտի տողանցեն 204 երկիրներու պատուիրակութիւնները: Հայաստան իր շարքի 9րդ է, որ մարզադաշտ մուտք պիտի գործէ:
Լոնտոն մօտ 9 տարիէ ի վեր կը նախապատրաստուի համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող մրզումներու կազմակերպման համար եւ վստահաբար, որ խնամուած յայտագիր մը պիտի ներկայացնէ այսօր: Ըստ սովորութեան, բացման յայտագրի շատ մը մասեր գաղտնի պահուած են, տպաւորութիւնները սրելու առումով: Որպէս կեդրոնական թեմա ընտրուած է «Կախարդական կղզիներ» խորագիրը, որ բրիտանական պատմութեան ամփոփ ներկայացում մը պիտի ըլլայ:
Հազարաւոր մարզիկներ աշխարհի 204 երկիրներէ յաջորդ 15 օրուան ընթացքին մասնակցութիւն պիտի բերեն տարբեր տեսակի մարզախաղերուն մէջ:

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան, ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունենալով ուղերձ մը յղեց ողիմպիական խաղերու մասնակցողներուն:



-----------------------------------------------------------

Հայաստանի ազգային Ողիմպիական Կոմիտէի նախագահին ուղերձը՝ Ողիմպիական խաղերու

Ինչպէս ծանօթ է, այսօր Ուրբաթ, 27 Յուլիսին տեղի կ՛ունենայ Լոնտոն-2012-ի ողիմպիական խաղերուն պաշտօնական բացումը: Ամառնային այս խաղերը պիտի աւարտին 12 Օգոստոսին:
Այս առիթով Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունենալով հետեւեալ ուղերձը յղեց ողիմպիական խաղերուն մասնակցողներուն.
«Յարգելի՛ ողիմպիականներ: Լոնտոնի մէջ, բազմաթիւ մրցակիցներու դէմ մրցասպարէզ դուրս գալով, դուք պէտք է ցոյց տաք ձեր ունեցած հմտութիւնները: Յոյսով եմ, որ դուք կը դրսեւորէք աննահանջ կամք, յաղթանակի ձգտում եւ բոլորին ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէք ձեր վրայ՝ ձեր արձանագրած փայլուն արդիւնքներով, որովհետեւ ատով է, որ կրնաք յաջողութիւններու հասնիլ:
«Ձեր կատարած բոլոր մրցումներուն եւ ներկայացումներուն ուշադրութեամբ պիտի հետեւին բոլորը՝ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Կը հաւատամ, որ մեզի յուսախաբ չէք ըներ եւ բարձր կը պահէք Հայաստանի պատիւը: Դուք պէտք է առաջնորդուիք ողիմպիական վեհ գաղափարներով, արդարացի խաղի սկզբունքներով, առանձնանաք օրինակելի վարքագիծով եւ պահուածքով:
«Նախորդ տարիներուն ընթացքին բազմիցս խոստացած էք, որ միջազգային այդ գլխաւոր մարզահանդէսին մէջ պիտի գտնէք ձեր արժանի տեղը եւ պիտի բարձրանաք ողիմպիական պատուանդանին վրայ: Կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի՝ արժանապատուօրէն կատարելու ձեր առաքելութիւնը, գործի վերածելու ձեր խոստումները, որպէսզի դատարկ տեղը կատարած չըլլաք ձեր փորձերը եւ ի զուր չըլլայ վատնուած քրտինքը: Միլիոնաւոր հայեր յոյսով եւ հաւատքով կը սպասեն ձեր յաղթանակներուն: Արդարացուցէ՛ք ձեր վրայ դրուած յոյսերը:
Յաջողութիւն եւ յաղթանակ կը մաղթեմ ձեզի»: