Յուլիս 16ի երեկոյեան, արժանթինահայ Թեմական Խորհուրդը ընդունելութիւն մը կազմակերպեց Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ՝ պատուելու համար ուսանողներու այն խումբը, որ Հայաստանէն Արժանթին եկած էր մասնակցելու համար Մաթեմաթիքայի 53րդ ողիմպիականին, որ տեղի ունեցաւ ծովեզերեայ Մար տէլ Փալաթա քաղաքին մէջ։Խումբին ղեկավարներն էին Գուրգէն Ասատրեան եւ Նայիրի Սեդրակեան։
Յայտնենք որ ուսանողական մակարդակի վրայ կայացող այս ողիմպիականին Հայաստան կը մասնակցէր 6 հոգինոց ուսանողներու խումբով մը, որոնք ոչ միայն անհատապէս պատուաւոր արդիւնք մը ձեռք բերին, այլեւ մեր հայրենիքին ապահովեցին 47րդ դիրքը, ընդհանուր դասաւորման մէջ։ Այդ ուսանողներն են.- Գէորգ Մնացականեան (պրոնզեայ մետալ), Արթեոշ Քօշեան (պրոնզ), Աւետիք Գարակիւլեան (գովասանագիր), Վազգէն Միքայէլեան, Արմէն Վարդանեան (գովասանագիր), եւ Էդգար Մինասեան (արծաթ)։ Ողիմպիականին կը մասնակցէին 100 երկիրներէ 548 ուսանողներ։ Բաղդատական գափաղար մը տալու համար յայտնենք, որ Արժանթին կը գտնուի 54րդ, Փարակուայ 82րդ, Վենեցուելա 91րդ դիրքի վրայ, եւայլն։ Առաջնութիւնը խլած է Գորէա, 2րդ՝ Չինաստան, 3րդ՝ Միացեալ Նահանգներ եւ 4րդ՝ Ռուսաստան։Հայրենի հիւրերը նախ աղօթեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ուր Առաջնորդ Գիսակ Սրբազան բարի գալուստ մաղթեց իրենց։ Այնուհետեւ, առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ պատուոյ ընդունելութիւնը, ուր ներկայ էին Արժանթինի ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պ. Վահագն Մելիքեան, «Հայաստան» Հիմնադրամի վարչութեան ատենապետ Պ. Խորխէ Միւրէքեան, Հայ Կեդրոնի վարչական անդամներ, ինչպէս նաեւ տարբեր կազմակերպութեանց եւ երկրորդական վարժարաններու տնօրէններ եւ աշակերտներ։ Հիւրասիրութեան ընթացքին, հայրենի մրցորդները եւ ձեռք բերուած յաջողութիւնը շնորհաւորեցին Պ. Պետրոս Հաճեան՝ յանուն Թեմական Խորհուրդի, եւ ՀՀ դեսպան Պ. Վահագն Մելիքեան։ Շնորհակալութեան խօսք ըրաւ խումբի ղեկավարներէն Պ. Գուրգէն Ասատրեան։ Ներկաները երկարատեւ ծափահարութիւններով դիմաւորեցին պատանի մրցորդները, երբ ծանուցուեցան անոնց անունները եւ շահուած մրցանակները։
Վերջաւորութեան, Սրբազան Հայրը յուշանուէրներ յանձնեց խումբի ղեկավարներուն եւ ուսանողներուն: