ՄԱԿի Բարգաւաճման ծրագիրը որոշած է 135 միլիոն տոլար տրամադրել Իրանի իշխանութեան, ցամքելու վտանգ դիմագրաւող Ուրմիոյ լիճը փրկելու նպատակով Իրանի իշխանութեան քայլերուն նպաստելու համար՝ կենսոլորատային աղէտի մը առաջքը առնելու

Կտրուկ ոճ օգտագործելով Մոսկուա դիմած է Անգարայի, նախազգուշացնելով Սուրիոյ սահմանին վրայ Patriot հրթիռներ տեղակայելու մտադրութեան առընչութեամբ:

Երէկ 22 Նոյեմբերին, 12 ժամ տեւողութենէ ետք, իր աւարտին հասաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի «Հեռուստամարաթոն-2012»: Արդիւնքը՝  21 միլիոն 422 հազար 477 տոլարի նուիրատուութիւններ եւ խոստումներ։

Գերմանական Հալլէ քաղաքի հայ համայնքը ստորագրահաւաք մը նախաձեռնած է քաղաքապետարանի մշակոյթի յանձնաժողովի որոշման դէմ:

Հալէպի մէջ վերջին օրերուն իրավիճակը հանդարտ է, հայաբնակ թաղամասերուն մէջ բախումներ չկան: Սակայն այժմ լարուածութիւն ստեղծուած է առեւանգման դէպքերու պատճառով: