«Հրապարակ» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ կը փակուի Պէրլինի Ազատ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնը: Պատճառները նիւթական են:

Եւրոպացիներուն համար դժուար շաբաթ մը ընթացքի մէջ է:
Յունաստանի շուրջ անհամաձայնութենէն ետք՝  «27» երկիրներու ղեկավարները այսօր եւ վաղը կը հանդիպին Պրիւքսելի մէջ, քննարկելու համար Եւրոպական Միութեան 2014-2020 նախահաշիւն ու պիւտճէն:

Ուրբաթ 16 Նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան, Վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Քուէյթի, Քաթարի, Պահրէյնի, Օմանի, Սէուտական Արաբիոյ, Տուպայի, Ապու Տապիի ու Շարժայի մէջ հաստատուած քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները:

20 Նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչներու՝ Իրանի խորհրդարանի պատգամաւորներ Կարէն Խանլարեանի, Ռոբերտ Բեգլարեանի ու Իրանի ռատիոյի հայկական ժամի ղեկավար Ռոբերտ Մարգարեանի հանդիպումը լրագրողներուն հետ։

100.000 ամերիկեան տոլարէն յատկացումներ ստացած են հայկական 27 վարժարաններ