Կտրուկ ոճ օգտագործելով Մոսկուա դիմած է Անգարայի, նախազգուշացնելով Սուրիոյ սահմանին վրայ Patriot հրթիռներ տեղակայելու մտադրութեան առընչութեամբ:


Պաշտօնական Քրեմլինը անմիջապէս արձագանգեց այս հարցի կապակցութեամբ, մէկ օր առաջ Թուրքիոյ կողմէ դէպի ՆԱԹՕ ներկայացուած դիմումին լոյսին տակ: ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսէն յայտնած էր թէ հրթիռները տեղադրելու թրքական դիմումը պիտի քննուի «անյապաղ»:
Շատ հետաքրքրական է տեսնել Մոսկուայի նոր դիրքորոշումը, ասկէ ետք, այն պարագային որ ՆԱԹՕ պիտի վաւերացնէ Թուրքիոյ պահանջարկը:

 

Վլատիմիր Փութին պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա պիտի մեկնի

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի կատարէ Թուրքիա, 3-5 Դեկտեմբերին:
Երկարատեւ ընդմիջումէ յետոյ է որ նախատեսուած է այս այցելութիւնը, որ օտար երկիրներու մօտ այցելութիւններու շարքին առաջինն է:

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի խօսքը Թուրքիոյ՝
 «ուշադի՛ր ձեր մկանները ցուցադրելէ»

Մոսկուա Թուրքիային խորհուրդ տուած է  նպաստել միջ-սուրիական երկխօսութեան սկսման եւ չզբաղիլ, ինչպէս ըսուած է՝ «մկաններու ցուցադրմամբ»: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ալեքսան- դըր Լուքաշեւիչը՝ մեկնաբանելով “Patriot” հրթիռային համալիրներու ստացման համար ՆԱԹՕ-ին Թուրքիոյ դիմումը:
Լուքաշեւիչ նշած է, որ թուրք գործընկերներուն  խորհուրդ կը տրուի օգտագործել սուրիական ընդդիմութեան վրայ իրենց ունեցած հաւանական ազդեցութիւնը, որպէսզի ըստ հնարաւորի արագօրէն սկսի երկխօսութեան գործընթացը. ան նախազգուշացուցած է թէ ուշադիր պէտք է ըլլալ իրավիճակը դէպպի աւելի վտանգաւոր հուն չառաջնորդելու համար: «Ակնյայտ է, որ այդպիսի քայլեր չեն ներշնչեր լաւատեսութիւն: Անոնց փոխարէն անհրաժեշտ են բոլոր արտաքին  ուժերու համադրուած ջանքերը» ըսած է ան: