Ուրբաթ 16 Նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան, Վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Քուէյթի, Քաթարի, Պահրէյնի, Օմանի, Սէուտական Արաբիոյ, Տուպայի, Ապու Տապիի ու Շարժայի մէջ հաստատուած քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները:

Քսաներկու անդամներէ բաղկացած պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ նոյն շրջանի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Յիշեալ շրջանի քրիստոնեայ համայնքներու պատասխանատուները Լիբանան եկած էին մասնակցելու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին (ՄԱԵԽ) կողմէ կազմակերպուած յատուկ համագումարի մը, որուն նպատակն էր նոյն շրջանէն ներս միջ–եկեղեցական գործակցութեան մարմին մը յառաջացնել:
Խօսք առնելով ՄԱԵԽ–ի Ծառայութիւն եւ Ընկերային Արդարութեան բաժանմունքի տնօրէնուհի տիկին Սեդա Խտըշեան, պարզեց  տեղի ունեցած համագումարին նպատակը, եւ հոն առնուած որոշումները: Ան յայտնեց, որ այցելած էին Վեհափառ հայրապետին, որպէս ՄԱԵԽ–ի նախագահներէն մէկը, ու միջ–եկեղեցական հարցերու քաջատեղեակ անձ՝ ունենալու իր թելադրութիւնները:
Ողջունելով Արաբական Ծոցի շրջանէն ներս միջ–եկեղեցական կառոյց մը յառաջացնելու որոշումը, Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ կէտերուն մէջ.–
ա) Միջ-եկեղեցական շարժումը եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան էական առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Եկեղեցին չի կրնար դառնալ ինքնագոյ ու ինքնանպատակ: Քրիստոսի մարմնին անդամ ըլլալով, ոեւէ եկեղեցի կոչուած է իր կեանքը ապրելու ու իր վկայութիւնը կատարելու նոյն մարմնի միւս անդամներուն հետ մնայուն գործակցութեան մէջ ըլլալով:
բ) Միջ-եկեղեցական շարժումը կարեւորութեամբ պէտք է նկատի ունենայ իր շրջապատը, անոր կրօնա-քաղաքական ու ընկերա-տնտեսական կեանքը, եւ այդ բոլորին առընչուած մտահոգութիւններն ուզգայնութիւնները: Հետեւաբար, միջ-եկեղեցական կառոյցը շրջանէն ներս պէտք է գործէ այնպէս, որ համապատասխանէ իր միջավայրի իւրայատկութիւններուն:
գ) Կ'ապրինք վերիվայրումներով, նոր զարգացումներով ու երեւոյթներով լեցուն ժամանակաշրջանի մը մէջ Միջին Արեւելքէն ներս: Տեղ մը կրօնական ծայրահեղութիւններ, այլ տեղ մը քաղաքական զգայնութիւններ, երբեմն մեզ կը դնեն որոշ դժուարութիւններու դիմաց: Այս ուղղութեամբ պէտք է ըլլալ ուշադիր. ձեր համայնքները երբ Արեւմտուքին հետ այնպիսի յարաբերութեան ու գործակցութեան մէջ պէտք չէ գտնուին, որոնք կրնան դուռ բանալ զգայնութիւններու տեղական իշխանութիւններու մօտ՝ նաեւ վնասելով Միջին Արեւելքին առնչուած քրիստոնեայ համայնքներու կեանքին ու առաքելութեան:
դ) Շրջանը մաս կը կազմէ ՄԱԵԽ-ի պա- տասխանատուութեան: Հետեւաբար, Խորհուրդի մարմիններուն, ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն հետ պէտք է շրջանի կապը ըլլայ անմիջական ու մնայուն:
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց իր կատարած թելադրութիւններուն ուղղութեամբ կատարուած շարք մը հարցումներու:
Յայտնենք, որ Արաբական Ծոցի շրջաններէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու թիւը սկսած է նոր աճ արձանագրել՝ յատկապէս վերջին տարիներուն: ՄԱԵԽ-ի կողմէ հայթայթուած տուեալներուն համաձայն, աւելի քան երեք միլիոն քրիստոնեաներ կ'ապրին այդ շրջաններէն ներս, 65 տարբեր եկեղեցիներու պատկանող: