Երէկ 22 Նոյեմբերին, 12 ժամ տեւողութենէ ետք, իր աւարտին հասաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի «Հեռուստամարաթոն-2012»: Արդիւնքը՝  21 միլիոն 422 հազար 477 տոլարի նուիրատուութիւններ եւ խոստումներ։

Հեռուստամարաթոնը կատարուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Գոհաբանութեան օրուայ առիթով, իսկ Լոս Անճելըսէն հեռասփռուեցաւ հեռատեսիլի Հ1, Արմենիա, Շանթ եւ Երկիր Մետիա կայաններէն:
Ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր այս տարուան «Մեր Գիւղը» խորագիրը կրող դրամահաւաքէն գոյացած գումարը պիտի ուղղուի Տաւուշի մարզի մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ Արցախի գիւղերու մէջ համայնքային կեդրոններու կառուցման:
Հաւաքուած գումարի 10 առ հարիւր տոկոսը պիտի ուղղուի սուրիահայութեան կարիքներուն: Սուրիահայութեան պիտի ուղղուին նաեւ այն գումարները, զորս նուիրատուները պիտի յատկացնեն յատուկ այդ նպատակով:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ դրամահաւաքի միջոցառումներ կատարուած էին Գանատայի, Եւրոպայի, Աւստրալիոյ, Արժանթինի, Պրազիլի եւ Ռուսաստանի մէջ: Այդ դրամահաւաքներու միջոցաւ հաւաքագրուած գումարները ներառուեցան հեռուստամարաթոնի օրը յայտարարուած ընդհանուր գումարին մէջ:
Այս տարուայ ընդհանուր գումարը շատ աւելի է նախորդ տարի գոյացած գումարէն: Անցեալ տարի, 2011ի հեռուստամարաթոնին հաւաքուած էր 12.286.478 ամերիկեան տոլար: