Հալէպի մէջ վերջին օրերուն իրավիճակը հանդարտ է, հայաբնակ թաղամասերուն մէջ բախումներ չկան: Սակայն այժմ լարուածութիւն ստեղծուած է առեւանգման դէպքերու պատճառով:

Սուրիական Գամիշլի քաղաքէն Հալէպ տանող ճանապարհին վրայ հայ երիտասարդ մը առեւանգուած է: Այս մասին Armenpress-ին տեղեկացուցած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանը՝ աւելցնելով, որ Արմէն Ջուքջուքեանը Հալէպի մօտակայքին իջեցուցած են հանրակառքէն եւ առեւանգած:
Ռէյիսեանի խօսքով՝ այժմ միջոցներ կը ձեռնարկուին հալէպահայ երիտասարդը ազատ արձակելու ուղղութեամբ: Յատկանշական է, որ հանրակառքի մէջ այլ հայեր չեն եղած: Դեռ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր՝ արդեօք հալէպահայ երիտասարդէն բացի այլ առեւանգուածներ կան, թէ ոչ:
Ինչ կը վերաբերի Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակին, ապա Ռէյիսեանի տեղեկացմամբ, մեծ փոփոխութիւններ տեղի չեն ունեցած. մերթ ընդ մերթ կրակոցներու ձայներ կը լսուին հեռուէն, իսկ կեդրոնական թաղամասերը հանդարտ են: Այնուամենայնիւ, դիպուկահարներու կողմէ տհաճ անակնկալներու վտանգ մշտապէս կը զգացուի:
Անդրադառնալով Քեսապի մէջ տիրող իրավիճակին՝ Ռէյիսեան  նշած է, որ պետութիւնը միջոցներ կը ձեռնարկէ վերականգնելու բնակավայրի հոսանքը եւ հեռաձայնային կապը:
Սուրիոյ մէջ 20 ամիս շարունակուող բախումներու հետեւանքով զոհուած է 40 եւ վիրաւորուած 66 հայ: