ՄԱԿի Բարգաւաճման ծրագիրը որոշած է 135 միլիոն տոլար տրամադրել Իրանի իշխանութեան, ցամքելու վտանգ դիմագրաւող Ուրմիոյ լիճը փրկելու նպատակով Իրանի իշխանութեան քայլերուն նպաստելու համար՝ կենսոլորատային աղէտի մը առաջքը առնելու
յոյսով:
Մօտաւորապէս 6000 քառակուսի մղոն տարածք ունեցող լիճի գրեթէ 70 տոկոսը ցամքած է եւ ներկայիս անոր իւրաքանչիւր մէկ լիթրին մէջ կայ 400 կրամ աղ: Իրանի իշխանութիւնները Սեպտեմբեր 2011էն ի վեր արդէն իսկ գործադրութեան մէջ դրած էին լիճը փրկելու 900 միլիոն տոլարնոց ծրագիր մը: