Եւրոպահայերու երրորդ համագումարը տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսելի մէջ, որուն երկրորդ մասը՝ Եւրոպական խորհրդարանէն ներս, Մարտ 4 - 5, 2013-ին։

Աւելի քան 60 հոգի զոհուեցաւ եւ 50 վիրաւորուեցաւ Սուրիոյ Համա շրջանէն ներս օդային ռմբակոծումի հետեւանքով: Յարձակումը գործուեցաւ Հալֆայա քաղաքին մէջ:

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ քանի մը օր առաջ Հալէպի մէջ կրկին հայ մը առեւանգուած է՝ Շահէ Չաղլասեան անունով:

...Մինչ մարդկութիւնը կը նախապատրաստուէր աշխարհի վերջաւորութեան, բազմաթիւ գիտնականներ, որոնց շարքին նաեւ ՆԱՍԱի գիտնականները, հանդէս եկան տարբեր մեկնաբանութիւններով Մայաներու ծանօթ օրացոյցի գաղտնիքներու մասին:

ՄԱԿը կոչ մը ուղղած է հանրութեան, յոյս յայտնելով թէ՝ բոլորի ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ 1.5 միլիառ տոլար ներգրաւել, Սուրիոյ բնակչութեան օգտակար հանդիսանալու  համար:  Այդ գումարէն 1 միլիառը պիտի տրամադրուի Սուրիոյ փախստականներուն: