Դեկտեմբեր 16-17 ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցեցաւ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկներուն նուիրուած Հայ գրատըպութեան 500-ամեայ յոբելեանին: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայերն այսօր» կայքը:
Ձեռնարկներուն մեկնարկը տրուեցաւ Դեկտեմբեր 16ին Ս. Ղազար կղզիի Մխիթարեան Միաբանութեան Մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ, ուր հայ գրատպութեան նուիրեալներու հոգիներու հանգստութեան համար մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ:
Առանձնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէր Սուրբ Ղազարի մէջ բացուած՝ տպագրութեան հնագոյն սարքերու եւ գործիքներու ցուցադրութիւնը: Մասնակիցները կարեւորեցին հայ գիրքի յայտնի տպագրական կեդրոններէն մէկուն պահպանումը եւ համալրումը նոր ցուցանմուշներով: Այդպիսով այն պիտի դառնայ հայ տպագրութեան իւրօրինակ թանգարան, հայկական մշակոյթի կարեւոր անձնագիր, համահայկական նշանակալի գործի սկիզբ, այցեքարթ կղզի այցելողներու համար:
Նախարարը բացման խօսքով գնահատեց մխիթարեաններու անուրանալի ներդրումը հայ գրատպութեան զարգացման գործին մէջ եւ նշեց, որ Հայաստանի նախագահին հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ շուտով պիտի սկսին Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մշակութային ժառանգութեան թուայնացման աշխատանքները:
Երեկոյեան Մուրատ-Ռաֆայէլեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գասպար Եդեսացի» համոյթի «Պայծառ Նայիրի» երաժշտական-բանաստեղծական փիեսի բեմադրութիւնը: Իտալացի երիտասարդները ներկայացուցին հայ բանաստեղծներու եւ երգահաններու ստեղծագործութիւնները հայերէնով:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը իր ողջունի խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց համոյթի իտալացի անդամներուն իրենց բարձրարուեստ կատարումներուն համար: Ան միջոցառումը գնահատեց իբրեւ հայ-իտալական մշակութային բարեկամութեան լաւագոյն օրինակ:
Դեկտեմբեր 17-ին կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Մխիթարեան Միաբանութեան կողմէ կազմակերպուած «հայ գիրքի հետքերով» խորագիրը կրող գիտաժողովը, որուն մասնակցեցան հայ եւ այլազգի գիտնականներ, հայագէտներ:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան Ընդհանրական աբբահայր Գերաշնորհ Հայր Եղիա վրդ. Քիլաղպեան:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Մեսրոպեան գիւտէն ետք հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին մէջ Վենետիկի մէջ առաջին գիրքի նշանակութիւնը, եւս մէկ անգամ արժեւորեց Յակոբ Մեղապարտի՝ հայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ մշակոյթի զարգացման գործին մէջ ունեցած աւանդը, ներկայացուց հայ գիրքի անցած ուղին եւ նախանշեց բարձր գիտարուեստիներու առկայութեան պայմաններու մէջ այսօրուան մեր ընելիքները:
Ելոյթներով հանդէս եկան փրոֆէսորներ Ռուտի Քորեան, Քլոտ Մութաֆեան, Ագնէս Ուզունեան, Ռայմոն Գէորգեան, Հ.Վահան Վրդ. Օհանեան եւ այլ յայտնի գիտնականներ:
Գիտաժողովով վերջ գտաւ ճիշդ մէկ տարի առաջ հայ գիրքի 500 ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները, որոնք սկսած էին Վենետիկի՝ հայ առաջին գիրքի ծննդավայրին մէջ, ՀՀ Նախագահի մասնակցութեամբ:
Հայ գրատպութեան 500-ամեակի առիթով ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Մխիթարեան Միաբանութիւնը համատեղ հիմնած են «Յակոբ Մեղապարտ» յուշամետալը, որ պիտի յանձնուի հայ գրատպութեան պատմութեան մէջ մեծ աւանդ ունեցող գործիչներուն:
«Յակոբ Մեղապարտ» յուշամետալի պատրաստումը կը հովանաւորէ «Զանգակ» հրատարակչութիւնը, որ Հայաստանի առաջատար հրատարակչութիւններէն մէկն է: