...Մինչ մարդկութիւնը կը նախապատրաստուէր աշխարհի վերջաւորութեան, բազմաթիւ գիտնականներ, որոնց շարքին նաեւ ՆԱՍԱի գիտնականները, հանդէս եկան տարբեր մեկնաբանութիւններով Մայաներու ծանօթ օրացոյցի գաղտնիքներու մասին:

ՆԱՍԱ հաղորդեց թէ աշխարհի կործանման մասին լուրերը կեղծ են եւ անհանգստանալու որեւէ առիթ չկայ: Այլ գիտնականներ բացատրեցին թէ Մայաներու  քաղաքակրթութեան մէջ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան (394 տարի) կը պատկանէր գլխաւոր աստուածներէն մէկուն. այսպէս՝ յայտնի է թէ ինչպէս չինական օրացոյցին մէջ այսպէս կոչուած 13-րդ ժամանակաշրջանի աստուածութիւն մը գոյութիւն ունի, որ կը փոխարինուի այլ ժամանակշրջանի մը աստուածութեամբ, նմանօրինակ բացատրութիւն կը տրուի Մայաներու օրացոյցին, յատնելով թէ վերջաւորութիւն չէ որ կը նշանակէ, այլ նոր սկիզբ մը:
Աշխարհի կործանման մասին իրենց հաղորդած լուրերու գծով Չինաստանի մէջ հարիւրաւոր մարդիկ ձերբակալուեցան,  նոյնիսկ ողբերգական դէպք մը պատահեցաւ, երբ անձ մը յարձակեցաւ դպրոցի աշակերտներու դէմ եւ դաշունահարեց 23 հոգի: Պարզուեցաւ, որ այդ անձը էփիլեփսիայէ կը տառապէր  եւ աշխարհի վերջաւորութեան մասին լուրերը  մեծ ազդեցութիւն գործած էին իր վրայ: