Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ քանի մը օր առաջ Հալէպի մէջ կրկին հայ մը առեւանգուած է՝ Շահէ Չաղլասեան անունով:
Անոր համաձայն, Չաղլասեանի ազատ արձակման համար փրկագին կը պահանջուի: Կարելի եղած է ճշդել, որ ան Հալէպի ծայրամասը գտնուող Շքէյֆ շրջանին մէջ առեւանգուած է՝ իր ինքնաշարժով: