Այս օրերուն, երբ հետզհետէ նկատելի կը դառնայ Մոսկուայի երբեմնի անսասան զօրակցութեան տկարացումը Սուրիոյ վարչակարգին նկատմամբ, Ռուսաստան եւ ԱՄՆ, ըստ երեւոյթին, համաձայնած են՝ ՄԱԿ-ի բանագնաց Լախտար Պրահիմին Դամասկոս ղրկելու գծով:
Տիրող ընդհանուր կարծիքին համաձայն՝ ան վերջնագիր մը պիտի յղէ Ասատին, որպէսզի Սուրիոյ ղեկավարը բարձրագլուխ լքէ ու հեռանայ: Այս լուրին առաջին արձագանգողն էր Ռոպըրթ Ֆորտ՝ ԱՄՆ-ու նախկին դեսպանը Սուրիոյ մէջ, որ BBC-ի արաբական ալիքէն կը յայտնէր, թէ Ռուսերը վերջապէս սկսան շարժիլ, ի տես՝ տեղւոյն վրայ ապստամբներու յառաջխաղացքին, եւ հասկցան, թէ Ասատ ինքզինք բոլորովին կղզիացած պիտի գտնէ ի մօտոյ՝ այն օդակայանին կորուստով, ուրկէ իրեն զէնք ու զինամթերք կը հասնի: Արդարեւ, քանի մը ժամ ետք, Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ նախարար Պոկտանով ալ Սուրիոյ մասին յայտարարութիւն մը ընելով՝ կը յայտնէր, թէ իրատես պէտք է ըլլալ, թէ սուրիական իշխանութիւնը ամէն օր հող կը կորսնցնէ: Թէեւ օր մը վերջ ալ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը՝ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ, կը յայտարարէր, թէ Մոսկուա չէ փոխած իր դիրքորոշումը սուրիական հարցին նկատմամբ: Այնպէս կը թուի սակայն, թէ այս յայտարարութիւններու ետին, քուլիսներու մէջ, ԱՄՆ-ու եւ Ռուսաստանի միջեւ բանակցութիւնները բաւական յառաջացած են:
Այսպէս, նախ ԵԱՀԿ-ի Արտաքին գործոց նախարարներու Տուպլինի հանդիպումին՝ Լաւրովի եւ Քլինթընի միջեւ, ապա անցեալ շաբաթավերջին՝ Ժընեւի մէջ, փոխ նախարարներու մակարդակով՝ Պոկտանովի եւ Ուիլիըմ Պըրնսի միջեւ կարեւոր հանդիպումներ տեղի ունեցած են: Իւրաքանչիւրին ալ մասնակցած է Լախտար Պրահիմի: Այս վերջինը կÿըսէ, թէ Ժընեւի հանդիպումը աւելի անկիւնադարձային եղաւ, քանի Ռուսաստան ի վերջոյ հրաժարեցաւ իր այն պահանջէն, որ կը նախատեսէր անպայման Պաշար ալ-Ասատի մասնակցութիւնը քաղաքական անցումային փուլին: