Աւելի քան 60 հոգի զոհուեցաւ եւ 50 վիրաւորուեցաւ Սուրիոյ Համա շրջանէն ներս օդային ռմբակոծումի հետեւանքով: Յարձակումը գործուեցաւ Հալֆայա քաղաքին մէջ:


21 ամիսներէ ի վեր շարունակուող պատերազմի զոհերը՝ շատոնց գերազանցած են 44.000ի թիւը:

 

 

Արամ  Ա.  Կաթողիկոսի  Նախագահութեամբ Խորհրդակցութիւններ  Սուրիոյ  Հայութեան Օժանդակութեան  Շուրջ

Անցնող շաբաթավերջին  Արամ վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ   Տ. Շահան եպս. Սարգիսեանի, Ճէզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ Տ. Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի, Հալէպի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Տ. Պետրոս եպս. Միրիաթեանի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումներուն նպատակն էր նախ մօտէն իմանալ Սուրիայէն ներս տիրող ընդհանուր կացութեան ու յատկապէս՝ հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու կարիքներուն մասին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը տեղեկացնէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան լրատուական ծառայութիւնը։
Վեհափառ հայրապետը նախ տեղեակ պահեց սուրիահայութեան հոգեւոր ու ազգային պատասխանատուները դեսպաններուն, քաղաքական պատասխանատուներուն եւ օտար բարեսիրական կառոյցներուն հետ Սուրիոյ առնչութեամբ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ անոնց փոխանցեց սուրիահայութեան օժանդակութեան համար ստացուած գումարներուն մանրամասնութիւնները:
Խորհրդակցութիւններուն որպէս արդիւնք, եզրակացուեցաւ հետեւեալը.-
ա) Յստակ առաջնահերթութիւն տալ մեր ընտանիքներու առօրեայ կեանքին առնչուած կարիքներուն:
բ) Շարունակել, գէթ մասամբ, ամսաթոշակներ յատկացնել կրթական ու ազգային կառոյցներէն ներս ծառայողներուն:
գ) Կապ պահել բոլոր կողմերուն հետ՝ հայ առեւանգեալներու ազատ արձակման համար եւ մեր ժողովուրդի ապահովութիւնը առաւելագոյն չափով երաշխաւորելու հեռանըկարով:
դ) Ամրապնդել Սուրիոյ հայութեան ներքին միասնականութիւնը, յատկապէս ժողովուրդի կարիքներուն առանց խտրութեան օգտակար ըլլալու յստակ յանձնառութեամբ:
Վեհափառ  հայրապետը անգամ մը եւս ողջունեց Սուրիոյ մեր հոգեւոր առաջնորդներուն ու համայնքային պատասխանատուներուն սերտ գործակցութիւնը ու միասնաբար ժողովուրդին ծառայելու նուիրումը:

Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նաեւ իր բարձր գնահատանքը ու խոր գոհունակութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ցարդ մասնակից դարձած էին սուրիահայութեան օժանդակութեան՝ Կաթողիկոսարանին կողմէ բացուած դրամատնային հաշւոյն փոխանցելով իրենց նիւթական նպաստը: Վեհափառ հայրապետը միաժամանակ կոչ ուղղեց նոյն ոգիով ու պատրաստակամութեամբ շարունակելու մեր օժանդակութիւնը Սուրիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, յատկապէս այս շրջանին, երբ ձմրան եղանակին վառելանիւթի եւ սննդամթերքի կարիքը սկսած է աւելի զգալի դառնալ: