ՆԻՈՒԹԱՈՒՆ
Սարսափի մթնոլորտի մէջ կը գտնուի Նութաունի քաղաքը, զինեալ երիտասարդին կողմէ դպրոցին դէմ յարձակման դէպքի լոյսին տակ:

11 տարեկան փոքրիկ մը դպրոց գնաց՝ իր պայսակին մէջ զէնք մը տարած ըլլալով: Երբ  դպրոցի տնօրէնը իրեն հարց տուաւ այդ մասին, ան յայտնեց թէ ինքզինքը կ'ուզէ պաշտպանել, նմանօրինակ դէպքի մը պարագային::

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ
Հիլըրի Քլինթըն ընդունած է Սթէյթ Տիփարթմընթի  թերացումը, Լիպիոյ մէջ ամերիկեան դեսպանատան դէմ ահաբեկչական գործողութեան կապակցութեամբ, նշելով թէ ապահովական բաւարար միջոցներ չէին գործադրուած: