Մարդկային Կորուստներ Չկան

ԵՌԱԳՈՅՆ կայքէջը կը հաղորդէ թէ Նոյեմբեր 6-ին Հալէպի «Քառասուն Մանուկ» եկեղեցւոյ տարածքին մէջ՝ նախկին առաջնորդարանին կից, ռումբ մը ինկած է։ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի Հալէպի աղբիւրը կը յայտնէ, որ մարդկային կորուստներ չկան, կան նիւթական վնասներ, որոնց չափը առայջմ յայտնի չէ։

Հարաւային Քորէայի մէջ այս օրերուն գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովը որոշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նշման բերել իր գործօն մասնակցութիւնը:

Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ շարունակուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովը վերսկսաւ իր աշխատանքներուն, որուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատգամաւորները լիակատար նիստերու, խմբակներու, յանձնախումբերու եւ զանազան քըննարկումներու մէջ շարունակեցին իրենց գործօն մաս նակցութիւնը բերել։

ԿԱՆԹԵՂ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ - Հոկտեմբեր 29-ին, պաշտոօնական այցով Պուլկարիայի մէջ գտնուող յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Սեբաստիայի թեմի առաջնորդ Միտրոպոլիտ Թեոդոսիոսը, այցելութիւն կատարեց Պուլկարիայի Հայոց Առաջնորդարան:

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Չորեքշաբթի 30 Հոկտեմբեր 2013-ին, Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքի մէջ սկսած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովը իր աշխատանքները շարունակեց մինչեւ Ուրբաթ 1 Նոյեմբեր։