Երկրորդ տարին ըլլալով, Մեծի Տանն Կիիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական Հայագիտական բաժանմունքին կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ Արեւմտահայերէննի Խտացեալ դասընթացք, որուն պիտի մասնակցին 20 աշակերտներ:
Դասընթացքը պիտի սկսի յառաջիկայ շաբաթ եւ պիտի տեւէ մինչեւ Մայիսի կէսը, շաբաթը երեք օր: Դասընթացքը պիտի ընդգրկէ հետեւեալ նիւթերը.- լեզուագիտական գիտելիքներ, քերականութիւն, ուղղագրութիւն, մատենագրութիւն, Հայ մամուլ, Հայ գրականութիւն, հայերէնի եւ գրականութեան դասաւանդման մեթոտաբանութիւն, Հայ երաժշտութիւն, թատրոն, պարար-ւեստ, ճարտարապետութիւն, մանրանկարչութիւն, կերպարուեստ, գորգագործութիւն, ձեռարուեստ եւ մանկական գրականութիւն: Վերոյիշեալ նիւթերը պիտի դասաւանդուին հետեւեալ անձերուն կողմէ.- Կարօ Յովհաննէսեան, Գեղանի Էթեէմէզեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան եւ Մովսէս Հերկելեան: