ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Չորեքշաբթի 30 Հոկտեմբեր 2013-ին, Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքի մէջ սկսած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովը իր աշխատանքները շարունակեց մինչեւ Ուրբաթ 1 Նոյեմբեր։

Շաբաթ եւ Կիրակի 2 եւ 3 Նոյեմբեր, համաժողովի մասնակիցներ «խաղաղութեան ուխտագնացութիւն» շոգեկառքով Սէուլ մեկնեցան եւ շաբաթավերջը Քորիայի զանազան եկեղեցիներու հաւատացեալներուն հետ անցուցին։

Համաժողովի երկրորդ օրը, ընկերա-քաղաքական հարցերու յանձնախումբի աշխատանքներու ծիրին մէջ, ժողովականներուն ներկայացուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Հայ ժողովուրդի արդար դատին զօրակցութիւնը ընդգծող յայտարարութիւնը, որ Անթիլիասի մէջ մշակուած էր եւ Պուսանի մէջ Ս. Էջմիածինի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան կողմէ եւս որդեգրուելով համաժողովին յղուած։

Այս առիթով, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան քորիական հեռատեսիլի կայանի թղթակիցին կը յայտնէր. «Առաջին անգամը չէ որ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Թուրքիոյ կողմէ Հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրած Ցեղասպանութեան գծով իր արդար ձայնը կը բարձրացնէ։ Մենք երախտապարտ ենք բոլոր եկեղեցիներուն եւ պետութիւններուն, որոնք մեր դատին ճանաչման համար աշխատած են եւ կը շարունակեն աշխատիլ։ Սակայն, 100-րդ տարելիցի սեմին, այս միջազգային զօրակցութիւնը կոչ մըն է համայն մարդկութեան դրականօրէն արձագանգելու նոյնինքն մեր համաժողովի գլխաւոր թեմային՝ «Կենսատու Աստուած, մեզ արդարութեան եւ խաղաղութեան առաջնորդէ», որպէսզի ցեղասպանութիւններու զոհ դարձած ժողովուրդներ արդարութեան արժանանան, այլեւս ցեղասպանութիւններ տեղի չունենան եւ ամբողջ մարդկութիւնը խաղաղութեան մէջ ապրի»։

Յայտնենք, որ Երկուշաբթի 4 Նոյեմբերին համաժողովը վերսկսաւ իր աշխատանքներուն, զորս պիտի աւարտէ Ուրբաթ 8 Նոյեմբերին։