Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ շարունակուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովը վերսկսաւ իր աշխատանքներուն, որուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատգամաւորները լիակատար նիստերու, խմբակներու, յանձնախումբերու եւ զանազան քըննարկումներու մէջ շարունակեցին իրենց գործօն մաս նակցութիւնը բերել։

Առաւել, Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ տիկին Թենի Սիմոնեան Հունգարիոյ Բարեկարգեալ եկեղեցւոյ նախագահ Կուսթաւ Պոլշգէյ եպիսկոպոսին հետ հանդիպում մը ունեցան ու հայ եկեղեցւոյ եւ բարեկարգեալ եկեղեցւոյ փոխ-յարաբերութիւններուն եւ միջ-եկեղեցական գործակցութեան կապուած կարեւոր հարցեր քննարկեցին։

Նոյն օրը, Նարեկ Սրբազան եւ Անուշաւան Սրբազան հռոմէական կաթոլիկ եւ Անկլիգան եկեղեցիներու պատուիրակութիւններու միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատուներուն՝ Պրայըն Ֆարել եպիսկոպոսի եւ տոկտ. Ալիսըն Պարնէթի հետ հանդիպեցան եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու անոնց եկեղեցիներուն հետ ունեցած աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութիւններուն առնչուած կէտեր քննարկեցին։ Իսկ Սեպուհ Սրբազան հանդիպումներ ունեցաւ Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն եկած ու իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութիւններու պատասխանատուութիւնը կրող հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու հետ։

Նշենք, որ Նարեկ Սրբազան, Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Ընտանիքներու Քարտուղարներու Համախմբումի ատենապետի հանգամանքով, ներկայ գտնուեցաւ   Համախմբումի ընթրիքին, որուն ընթացքին ներկաներուն փոխանցեց Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի ողջոյնները եւ յաջորդ ժողովը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարելու հրաւէրը։