Հարաւային Քորէայի մէջ այս օրերուն գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովը որոշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նշման բերել իր գործօն մասնակցութիւնը:
Յիշեալ յայտարարութիւնը անդրադառնալէ յետոյ Հայոց Ցեղասպանութեան ու անոր հետեւանքներուն, կը յիշէ թէ ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը արծարծուեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովին, 1979-ին ԵՀԽ-ին կողմէ, ինչպէս նաեւ ԵՀԽ-ի նախորդ համաժողովներուն կողմէ, կը թելադրէ հետեւեալը ԵՀԽ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին.-
1) 2015-ին Ապրիլ 24-ին մօտ թուականի մը Ժընեւի մէջ կազմակերպել միջազգային համագումար մը նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման,
2) Ժընեւի Մայր Տաճարին մէջ կազմակերպել կրօնական արարողութիւն:
3) Կոչ ուղղել ԵՀԽ-ի անդամ եկեղեցիներուն ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը եւ աշխատանք տանելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով: