Մարդկային Կորուստներ Չկան

ԵՌԱԳՈՅՆ կայքէջը կը հաղորդէ թէ Նոյեմբեր 6-ին Հալէպի «Քառասուն Մանուկ» եկեղեցւոյ տարածքին մէջ՝ նախկին առաջնորդարանին կից, ռումբ մը ինկած է։ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի Հալէպի աղբիւրը կը յայտնէ, որ մարդկային կորուստներ չկան, կան նիւթական վնասներ, որոնց չափը առայջմ յայտնի չէ։

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Հալէպի մէջ տակաւին կը շարունակուին խաղաղ թաղամասերուն վրայ հրասանդի հըրթիռներու հարուածները: Նշենք, որ վերոյիշեալ շրջանը ենթակայ է հրթիռներու մնայուն հարուածին:

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ անցնող երկու օրերուն ապահովական զարգացումները կ՛արձանագրուին բազմաթիւ հրասանդի հրթիռներու հարուածներու ընդմէջէն, մայրաքաղաքի տարբեր թաղամասերու վրայ, ինչպէս՝ Ժարամանա, Պապ Թումա, Ատաուի. յատկանշական էր Ապու Ռումանէ թաղամասին մէջ գտնուող պապական դեսպանատան վրայ հարուածը, որ միայն նիւթական վնասներ պատճառեց:

Իսկ երէկ առաւօտ մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող Հիժազի կայարանի շէնքին մօտ պայթուցիկ սարքի պայթումը պատճառած է ութ զոհեր եւ յիսուն վիրաւոր, որոնց շարքին են նաեւ շէնքի նորոգութեան գործաւորները եւ անցորդներ:

Պաշտօնական աղբիւրները կը հաստատեն, որ սուրիական բանակը յաջողութիւններ արձանագրած է մայրաքաղաքի տարբեր ծայրամասերուն ուղղութեամբ՝ կործանելով զինեալ խմբաւորումներու կեդրոնները, ինչպէս՝ Հարասթա, Մլեհա, Զամալքա եւ Քապուն: