Կիրակի, 10 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց Անթիլիասի մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը՝ ուսուցչական կազմին հետ միասին։

Երեքշաբթի 12 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտ, Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանին այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութի եւ շրջակայից Յոյն Ուղղափառ Առաջնորդ՝ Աուտէ արքեպիսկոպոսին:

Մշակութային, քաղաքական, գաղափարաբանական թէ այլ նիւթերու քննարկման ծիրին մէջ, Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2013-ի, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի կազմակերպած մամլոյ 86-րդ լսարանը, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ։

Սարկաւագական ժողով Պուլկարիոյ Փլովտիվի մէջ

ԿԱՆԹԵՂ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ.- Հոկտեմբերի 26-ին, Փլովդիվի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ՝ առաջնորդութեամբ Պուլկարիայի Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ հոգշ. Տ. Աբգար վարդապետ Յովակիմեանի, տեղի ունեցաւ աննախադէպ սարկաւագական ժողով: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Փլովտիվի, Վառնայի եւ Ռուսէի սարկաւագները:

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կից Ազգային Ս. Թարգմանչաց ճեմարանի աշակերտներու արձակումի պահուն, ճեմարանի դրան առջեւ գտնուող փոխադրակառքին կողքը ինկած հրթիռի մը բեկորները