Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխ նախագահ Վիվիան Ռետինկ, որ Պրիւքսելի մէջ ամէնէն ազդեցիկ պաշտօնատարներէն է, առաջարկած է Եւրոպական Միութիւնը վերածել Եւրոպայի Միացեալ Նահանգներու:

2013-ի Դեկտեմբեր 27-ին Ռուսաստանի Պիատիկորսք քաղաքի ոստիկանութեան շէնքին մօտ զետեղուած ռումբ մը պայթած էր պատճառելով 3 զոհ։ Յունուար 10-ին այդ ահաբեկչութիւնը գործադրելու մեղադրանքով ձերբակալուած է 6 հոգի, որոնցմէ մէկը ատրպէյճանցի քաղաքացի է։

«Տէօչը Վելէ» կը գրէ, որ «Օփըն Տորզ» կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուած «Հետապնդումներու համաշխարհային ցուցանիշ» խորագրեալ հետազօտութեան համաձայն, աշխարհի վրայ հալածանքի կ՛ենթարկուի աւելի քան հարիւր միլիոն քրիստոնեայ:

Հ.Մ.Ը.Մ. համաձայնագիր մը ստորագրեց «Կուկըլ»ի հետ, 
որպէս առաջին ոչ-հասութաբեր հայկական միութիւն

«Կուկըլի շնորհիւ, գործենք աւելի խելացի մօտեցումով եւ ոչ աւելի ժամանակ տրամադրելով» Հ.Մ.Ը.Մ. համաձայնագիր մը ստորագրեց «Կուկըլ»ի հետ, որպէս առաջին հայկական ոչ-հասութաբեր միութիւն, օգտուելու «Կուկըլ»ի տրամադրած արհեստագիտական դիւրութիւններէն։

Պ Ա Տ Գ Ա Մ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ