ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Երէկ Երկուշաբթի 13 Յունուար 2014-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մեկնեցաւ Ժընեւ ընկերակցութեամբ՝ Թեհրանի հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի:

Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ցմահ բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օճալան յարգած է թրքահայ լրագրող Հրանդ Տինքի յիշատակը, որ եօթը տարի առաջ ծայրայեղ ազգայնամոլներու դաւադրութեան զոհ գացած էր:

Սուրիոյ «Ճապհեթ ալ Նասրա» ճակատի զինեալները հանած են պատմական Մալուլա քաղաքի Եկեղեցիներու բոլոր զանգերը, այրած են սուրբերու գերեզմաններ եւ այրած բոլոր խաչերը։ Այս մասին կը յայտնէ aleteia.org-ը։

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը պատրաստած է միջնորդագիր մը, որուն ճամբով Զուիցերիոյ կոչ ուղղած է բողոքարկելու Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռը:

Մեծ կորուստ մը հայ արուեստին համար 

Յունուար 11-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքեց անուանի խըմբավար Արամ Ղարաբեկեանը: