2013-ի Դեկտեմբեր 27-ին Ռուսաստանի Պիատիկորսք քաղաքի ոստիկանութեան շէնքին մօտ զետեղուած ռումբ մը պայթած էր պատճառելով 3 զոհ։ Յունուար 10-ին այդ ահաբեկչութիւնը գործադրելու մեղադրանքով ձերբակալուած է 6 հոգի, որոնցմէ մէկը ատրպէյճանցի քաղաքացի է։

Այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է Ռուսաստանի հակաահաբեկչական յանձնաժողովը, ուր կը նշուի, թէ իբրեւ կասկածելիներ ձերբակալուած են Ռամազան Խալիզովը, Վլատիմիր Խալիզովը, Շամիլ Ապտուլազիզովը, Շամիլ Գազիմագոմետովը, Մոհամէտ Զելիմխանովիչը եւ 1988-ի ծնունդ ատըրպէյճանցի Մուրատ Աթաեւ։
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին՝ ձերբակալուածները արդէն խոստովանական ցուցմունք տուած են, որ նպաստած է կանխելու այլ ահաբեկչական գործողութիւն մը։։