Ֆրանսայի Ռոման քաղաքին մէջ կատարուեցաւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ խորանի օծման արարողութիւնը, ձեռամբ Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Տ. Նորվան Արք. Զաքարեանի։

Լոյսին մէջ ու լոյսին համար ստեղծուած աշխարհը խաւարի մէջ էր ընկղմած:
Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդը մեղքի տիղմին մէջ էր խրած:
Արարիչին գործակիցը դառնալու երկնային շնորհին արժանացած մարդը դարձած էր գերին փառքին, հաճոյքին, իր անձին:

2014ի առաջին օրը տխուր լուր մը հասաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտայէն, հաղորդելով նախկին յունահայ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի երկար տարիներու նուիրեալ՝ եղբ. Վահրամ Դանիէլեանի մահուան գոյժը:

Արամ Ա. կաթողիկոս շուրջ երկու շաբաթներ առաջ Քուէյթի կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակեց Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեանը: Հայր սուրբը արդէն իսկ ստանձնած է թեմական իր նոր պատասխանատուութիւնը:

Վրաստանի հարաւարեւմտեան հատուածի մէջ, Թուրքիոյ սահմանամերձ Աճարական ինքնավար հանրապետութիւնը 20 տարիներու ընթացքին թատերաբեմը կը հանդիսանայ տարօրինակ կրօնափոխութեան գործընթացի մը։ 1991ին երբ կը քայքայուէր Խորհրդային Միութիւնը, տարածաշրջանի բնակչութեան 75 տոկոսը իսլամներ էին։