Մեծ կորուստ մը հայ արուեստին համար 

Յունուար 11-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքեց անուանի խըմբավար Արամ Ղարաբեկեանը:

Արամ Ղարաբեկեանը ծնած էր 1955ին, Պոսթընի մէջ: Ան ուսումը ստացած էր Պոսթընի New England երաժըշտանոցին մէջ, ապա շարունակած էր Գերմանիոյ Մայնց քաղաքը: Ստանձնած էր Հայաստանի պետական Կամերային նուագախումբի ղեկավարութիւնն ու խմբավարութիւնը: 1983ին հիմնած էր Պոսթընի «Սինֆոնովա» նուագախումբը, որը ղեկավարած էր մինչ 1991:
Արամ Ղարաբեկեանը ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ էր, ՀՀ նախագահի կողմէ արժանացած էր «Մովսես Խորենացի» մետալին:
Մինչեւ 2009-ը՝ Ղարաբեկեան տասներկու տարի գլխաւորած էր Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբը։
Համերգներու համար այցելած էր տարբեր երկիրներ եւ գաղութներ, որոնց շարքին նաեւ Աթէնք, «Զափիոյի» մէջ փայլուն համերգ մը ունենալով։