ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Յակոբ Խաչերեան եւ Սեպուհ Յովնանեան, ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, այցելեց նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանին կողմէ 1 Փետրուար 2014ին հրապարակուած հաղորդագրութենէ մը կը տեղեկանանք, թէ առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանին արքութեան աստիճան եւ տիտղոս շնորհուած է:

Լիբանանի մէջ ներկայացուեցաւ Քաթիա Փելթեքեանի 
«Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակները» երկհատոր գիրքը

Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան,

Յունուար 28- Փետրուար 1,2014, Քոթայամի մէջ (Հնդկաստան), Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ն.Ս.Տ.Տ. Պասիլիոս Թոմա Փաւլոս Բ. կաթողիկոսի հրաւէրով, գումարուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասնմէկերորդ ժողովը։

Գերմանիա ուղեւորուող Թուրքիոյ վարչապետին՝ այդ երկրի խորհրդրանի պատգամաւորը հրապարակային կոչ ուղղած է ընդունելու Հայոց եւ ասորիներու Ցեղասպանութիւնները եւ ներողութիւն խնդրելու ատոր համար: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkirmedia.am-ը: