Սիրիահայութեան աջակցութեան աշխատանքներու ծիրէն ներս տարեսկիզբէն նոր գումարներ փոխանցուած են Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հաշուեհամարին: Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի հանգանակած 100,000 եւրօն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ առաջնորդարանի միջոցով կ՛ուղղուի մեր սուրիահայ հայրենակիցների ամենատարբեր խնդիրներու լուծման:
Գերմանիայի տեղական մարմնի հանգանակած 35,000 եւրօն արդէն իսկ փոխանցուած է Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնման մարմնին՝ սուրիաբնակ հայերուն իրենց հայեցողութեամբ սատարելու նպատակով:
Հեռուստամարաթոն 2013ին հաւաքագրուած գումարներէն 15 միլիոն ՀՀ դրամ կ՛ուղղուի Հայաստան բնակող սուրիահայ ընտանիքներու տարատեսակ կարիքներուն, ներառեալ ուսանողներու ուսման վարձքի, վիրահատութիւններու եւ յուղարկաւորութեան ծախսերու փոխ հատուցման, որոնք արդէն իսկ ընթացքի մէջ են: Առողջապահական, կրթական եւ ընկերային ծրագրերու շահառուներու ընտրութիւնը կÿիրականացուի սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ:
Յիշեցնենք, որ սուրիահայութեան աջակցութեան նպատակով բացուած դրամատնային հաշիւին փոխանցուած գումարները ձեւաւորուած են մասնաւորապէս Հիմնադրամի Ֆրանսայի, Գերմանիայի, ԱՄՆ Արեւմտեան ափի, Արժանթինի, Պրազիլի, Լիբանանի, Շուէտի տեղական մարմիններու՝ Հեռուստամարաթոն 2012ի եւ 2013ի ընթացքին հաւաքագրուած գումարներով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ արտերկրի տարբեր իրաւաբանական եւ ֆիզիկական անձերու նուիրատուութիւններով:
Իրականացած են ծրագրեր առողջապահութեան, կրթութեան եւ ընկերային բնագաւառներէն ներս: 2013 թուականի Յունիսի դրութեամբ 100,000 եւրօ (Ֆրանսայի տեղական մարմին), 12,000 եւրօ (Գերմանիայի տեղական մարմին), 100,000 ԱՄՆ տոլար (Լիբանանի տեղական մարմին) ուղղուած են Սուրիա բնակող մեր հայրենակիցներու տարբեր կարիքներու լուծման: Գումարի զգալի մասը յատկացուած է Հալէպի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն՝ որպէս աշխատավարձ:
Հիմնադրամի Պրազիլի (15,000 տոլար), Արժանթինի, Շուէտի տեղական մարմիններու հանգանակած գումարներով Հիմնադրամը փոխ հատուցած է 110 սուրիահայ ուսանողի ուսման վարձը, ինչպէս նաեւ վեց սուրիահայու սրտի վիրահատութեան եւ երեքի յուղարկաւորութեան ծախսերը: Հիմնադրամի Արեւմտեան ափի տեղական մարմնի հաւաքագրած 10,000 ԱՄՆ տոլարով նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերուած է Երեւանի Կիլիկեան դպրոցին, ուր իրենց ուսումը կը ստանան Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայ երեխաներ: Յիշեցնենք, որ գործարարներ Հրայր Յովնանեանի եւ Արա Աբրահամեանի նուիրաբերած միջոցներով Հիմնադրամը ֆինանսաւորած էր Հալէպ-Երեւան-Հալէպ թռիչքները: Այս մասին կը տեղեկանանք Հայաստան համահայկական հիմնադրամի պաշտօնական կայքէջէն: