Գերմանիա ուղեւորուող Թուրքիոյ վարչապետին՝ այդ երկրի խորհրդրանի պատգամաւորը հրապարակային կոչ ուղղած է ընդունելու Հայոց եւ ասորիներու Ցեղասպանութիւնները եւ ներողութիւն խնդրելու ատոր համար: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkirmedia.am-ը:
Պունտեսդագի Քրիստոնէական միասնութիւն համախառն կառավարութեան մարդու իրաւունքներու հարցով խօսնակ, պատգամաւոր Էրիգա Շդէյնպախը “Պիլտ” հանդէսին տուած հարցազրոյցի ընթացքին մատնանշած է, որ այս տարի կը լրանայ առաջին համաշխարհային պատերազմի հարիւրամեակը, որուն ընթացքին իրականացուեցաւ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը հայերուն նկատմամբ: Ան կոչ ուղղած է Էրտողանին առերեսուելու պատմութեան հետ եւ թոյլ տալու, որ թրքական դասագիրքերուն մէջ տեղ գտնէ Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան իրական փաստը: