- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
ՖՐԱՆՍԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՖՐԱՆՍՈՒԱ ՕԼԱՆՏԻՆ
ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԷ ԻՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ երէկ Թուրքիա ժամանեց, երկօրեայ պետական այցելութեամբ:
Օլանտի այցելութիւնը՝ Ֆրանսայի նախագահի մակարդակով առաջին այցելութիւնն է Թուրքիա, 1992էն ետք, երբ Միթերան այցելած էր երկիրը:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ քիւրտերը Երեքշաբթի օր‘ Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին նախօրեակին, հիւսիսային Սուրիոյ Ճեզիրէ, Աֆրին եւ Քոպանի շրջաններուն մէջ ինքնավարութիւն յայտարարած են:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
«Սթրաթֆոր» ռազմաքաղաքական վերլուծողական ամերիկեան կայքէջը կը գրէ, որ հակառակ սուրիական հակամարտութեան երկխօսութեան ճամբով լուծում մը գտնելու եւ Իրանի հետ ճակատումէ մը խուսափելու Անգարայի հետզհետէ աճող փափաքին՝ Թուրքիոյ եւ սուրիական վարչակարգին միջեւ բախումներու վտանգը կը յամենայ, որովհետեւ Թուրքիա կը շարունակէ սուրիացի ըմբոստներուն աջակցիլ։
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Սուրիական պատերազմի արդիւնքը՝
130.000 զոհ, միլիոնաւոր գաղթականներ
եւ տեղահանուած զանգուածներ
Մարտ 2011էն ետք, երբ բռնկեցաւ Սուրիոյ ներքին պատերազմը, ամէնէն արիւնալի տարին հանդիսացաւ 2013ը, 73.000 զոհերով:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Գալուստ ԿիւլպԷնկեան հիմնադրամի Խնամակալներու խորհուրդը Նոյեմբերին որոշած է սուրիահայութեան տրամադրել 120 հազար եւրոյի օժանդակութիւն մը, որ պիտի ըլլայ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ խումբ մը կազմակերպութիւններու վերահսկողութեան տակ։ Այս մասին կը հաղորդէ հիմնադրամը: