ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Յակոբ Խաչերեան եւ Սեպուհ Յովնանեան, ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, այցելեց նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչը վարչապետ Սալամին փոխանցեց կուսակցութեան կեցուածքը՝ նոր կազմուելիք կառավարութեան գծով: