Երէկ երեկոյեան Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ ծայր առաւ իսկական փողոցային պատերազմ ամիսներէ ի վեր մայրաքաղաքի Եւրոպական հրապարակին վրայ ցոյց կատարողներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ:

Ֆրանսայի Վիեն քաղաքին մէջ Փետրուար 15-ին տեղի ունեցած է Արցախի ազգային ազատագրական պայքարի 26-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ՝ Վիենի Հայ մշակոյթի տան նախաձեռնութեամբ:

Անցած շաբաթավերջին Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հինգ հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ կը ներկայացնէր Զուիցերիոյ, Անգլիոյ, Հոլանտայի, Գերմանիոյ եւ Շուէտի մէջ հաստատուած միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

«Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը» (International Association of Genocide Scholars - IAGS) 1997-ին միաձայն քուէարկութեամբ որոշում ընդունած է, ըստ որուն, 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործադրուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը
խոր կսկիծով կը գուժէ
վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ
Կեդրոնական Վարչութեան գանձապահ

ԵՂԲ. ՄԻՀՐԱՆ  ՇԻՄՇԻՐԵԱՆի

անակնկալ մահը,
որ պատահեցաւ Կիրակի, 16 Փետրուար 2014-ին, Պէյրութի մէջ։