Լիբանանի մէջ ներկայացուեցաւ Քաթիա Փելթեքեանի 
«Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակները» երկհատոր գիրքը

Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան,

31 Յունուար 2014-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քաթիա Փելթեքեանի «Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակները» (Տը թայմզ աֆ տի Արմինիըն Ճենոսայտ, 1914-1919, 1920-1923) երկհատոր աշխատասիրութեան ներկայացումը:
Ներկայ էր դիւանագիտական պատկառելի ներկայացուցչութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Հայաստանի, Վատիկանի, Արժանթինի, Ուրուկուէյի, Ռուսիոյ դեսպանները, ինչպէս նաեւ ներկայ էին համայնքներու ու միութենական ներկայացուցիչները եւ հոծ բազմութիւն մը:
Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէնութեան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի վարչութեան անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց արուեստագէտ Միսաք Թերզեան, որ նախ հայերէնով եւ ապա անգլերէնով ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց յայտագիրի գլխաւոր կէտերն ու խօսք առնելու կոչուած անձնաւորութիւնները:
Խօսք առաւ հեղինակը՝ Քաթիա Փելթեքեան, որ խոստովանեցաւ, թէ այս աշխատանքը արգասիքն է 12 տարուան հետազօտութեան, որ իր մէջ ծագած էր նախ իբրեւ սիրողական զբաղում‘ «հոպի»: Անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ Փելթեքեան յայտնեց, որ ընդհանրապէս այն տպաւորութիւնը կը տիրէ, թէ Եւրոպա չէ օգնած Հայոց ցեղասպանութեան վէրքերու ամոքումին գծով: Խորքին մէջ սակայն Եւրոպա եւ յատկապէս Բրիտանիա յատուկ ճիգեր թափած են այս գծով: «Բրիտանական խորհրդարանին մէջ հայոց ի նպաստ «լոպի» մը կազմուած է, յանձինս լորտ Ճէյմս Պրայսի եւ երկու ուրիշներու», շեշտեց Փելթեքեան՝ նշելով, որ շուրջ եօթանասուն անգամ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը եւ հայ գաղթականներու օգնութեան հարցը արծարծուած է բրիտանական խորհրդարանին մէջ՝ շնորհիւ հայասէր լոպիինկի ճիգերուն: Փելթեքեան նաեւ յայտնեց, որ խորապէս զգացուած է իրեն ընծայուած այս առիթէն եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպողներուն, հովանաւորներուն եւ անոր յաջողութեան նպաստած բոլոր բարեկամներուն:
Ապա խօսք առաւ Անիթա Լիպիար, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով ողջունեց Քաթիա Փելթեքեանի այս աշխատանքը՝ շեշտելով անոր առաքելութիւնն ու նպատակները: Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ նախ անգլերէնով, ապա հայերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց Քաթիա Փելթեքեանի աշխատասիրութեան կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ Փելթեքեանի երկհատոր այս գիրքը լոյս տեսած էր 13 Հոկտեմբեր 2013-ին: Գիրքին առաջին մասը կ՛ընդգրկէ 1914-էն 1919-ի ընթացքին բրիտանական մամուլին հրապարակումները Հայոց ցեղասպանութեան եւ առնչակից նիւթերու մասին, աւելի քան 450 յօդուած-գրութիւններ: Իսկ երկրորդ հատորը կ՛անդրադառնայ 1920-էն 1923-ի ընթացքին նշեալ մամուլին հրատարակած աւելի քան 570 գրութիւններուն:

---------------------

ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ - Հայ Համալսարանականներ
Ցեղասպանութեան Ուրացման Դէմ
Համակարգուած Ցոյցեր Կը Կատարեն

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նախաձեռնութեամբ Համահայկական ուսանողական միութեան՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի զանազան մասնաճիւղերու, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի, ինչպէս նաեւ կարգ մը սեփական համալսարաններու Հայ ուսանողական միութիւնները Հինգշաբթի, Յունուար 30ին կրցան Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերը դատապարտող իրենց համակարգուած ցոյցերուն վրայ յատկանշական ուշադրութիւն գրաւել համալսարաններէն ներս ու համացանցի ընկերային ցանցերուն վրայ, որոնց մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը, Հինգշաբթի յետմիջօրէին, դարձած էր քննարկուած գլխաւոր հարցերէն մէկը:
Հայ ուսանողները, իրենց բողոքի լուռ ցոյցերով դատապարտեցին Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը եւ կոչ ըրին միջազգային համայնքին, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին վերջ դնէ այս ամօթալի ուրացման:
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի Հայ ուսանողական միութեան ատենապետուհի Ալին Սարգիսեան յայտնած է, թէ համալսարանէն ներս երրորդ տարին է որ ուսանողները «Ուրացման արատ» խորագիրով նման ցոյցեր կը կազմակերպեն՝ լուսարձակի տակ առնելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սանթա Պարպարա մասնաճիւղի Հայ ուսանողական միութեան փոխ ատենապետուհի Լուսինէ Դաւթեան ըսած է, թէ սովորաբար Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած հաւաքներ եւ ցոյցեր կը կատարուին Ապրիլ 24ին, սակայն այս տարի որոշուած է համակարգուած այս ցոյցերուն դիմել, Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ զայն քօղարկելու նպատակով Անգարայի ջանքերը առաւելագոյն թիւով ուսանողներու ծանօթացնելու նպատակով: Նոյն միութեան ատենապետ Նիք Օհանեան աւելցուցած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը յոյժ կարեւոր է:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի ուսանողուհի Սուզանա Պետրոսեան այս մասին գրած է համացանցային «ՆիանԹամի» կայքին վրայ՝ նշելով, թէ «Ուրացման արատ» ցոյցերուն մասնակցող համալսարաններու շարքին եղած են, վերոյիշեալներու կողքին՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սան Տիէկոյի, Պըրքլիի ու Ռիվըրսայտի մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ Փոմոնայի «Քալ Փոլի», «Օքսիտենթըլ» համալսարաններուն ու Կլենտէյլի համայնքային քոլեճի Հայ ուսանողական միութիւնները: Լոս Անճելըսի Հայ ուսանողական միութեան փոխ ատենապետուհի Նաթալի Քալպաքեան նշած է, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը միջազգային համայնքին ուշադրութեան կեդրոնը պէտք է ըլլայ՝ աւելցնելով, թէ ցուցարարները առիթ ունեցած են խօսելու Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութեան մասին, աւելի քան 300 ուսանողներու հետ, որոնցմէ ոմանք Հայկական Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւն իսկ չունէին:

---------------------------------

ՖՐԱՆՍԱ - ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶ

«ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ»

Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին՝ ԻՆԱԼՔՕ-ի SeDyL գիտաշխատանոցը նախաձեռնած է աշխատանքի մը, որ կը միտի հետազօտել Ֆրանսայի մէջ արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակը (հետազօտութեան գիտական պատասխանատու՝ Անահիտ Տօնապետեան)։ Ծրագիրը կը վայելէ հովանաւորութիւնը Ֆրանսայի Մշակոյթի նախարարութեան Ֆրանսերէնի ընդհանուր պատուիրակութեան Լեզուական գործածութեանց դիտարանին (DGLFLF-Observatoire des pratiques linguistiques) եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամին: Այս շրջանակէն ներս կազմակերպուած է «Արեւմտահայերէնի գործածութիւնը Ֆրանսայի մէջ» խորագրեալ հարցախոյզ մը: Ան առցանց է ու բաց, մասնակցութիւնը կամաւոր է, եւ հարցապնդուած անձերը, ուրեմն, կամաւորներ են։ Իրողութիւն մը, որ նկատի պիտի առնուի արդիւնքներուն մեկնաբանութեանց ժամանակ։ Որպէսզի հարցախոյզը ունենայ բաւարար վիճակագրական արժէք, ան պէտք է բաղկացած ըլլայ առնուազն 2000 պատասխաններէ, քանի որ առցանց հարցարանը կարելիութիւն կ’ընձեռէ ստանալու այս թիւը գերազանցող պատասխաններու քանակ։
Շատ հետաքրքրական նախաձեռնութիւն մը, որ կրնայ օգտակար իր պտուղները տալ սփիւռքի մնացեալ գաղութներուն եւս:
Առցանց հարցարանին եւ հետազօտութեան կայքէջին
ծանօթանալ փափաքողները կրնան օգտագործել հետեւեալ յղումը՝
http://sites.google.com/site/enquetearmoccidental/

-----------------------------------

ՔԵՊԵՔ - Հ.Յ.Դ. Գանատայի
Երիտասարդական միութեան սեմինարը
նուիրուած էր Բեկոր Աշոտի յիշատակին

Յունուար 10-11-12-ի շաբաթավերջին, Հ.Յ.Դ. Գանատայի Երիտասարդական միութեան (ԿԵՄ) «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու 40 անդամները հաւաքուեցան Քեպեքի «Արունդէլ» բանակավայրը՝ իրենց տարեկան ձմեռային սեմինարի աշխատանքները համադրելու համար:
Բանակում-սեմինարը նուիրուած էր Արցախի ազատամարտիկ Բեկոր Աշոտի յիշատակին, իսկ սեմինարի կարգախօսն էր Բեկորի խօսքը՝ «Ամէն հայ զգում է, որ առանց իրեն հայրենիքը կը փլուի»:
Բանակումի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Բեկոր Աշոտին նուիրուած վա- ւերագրական ժապաւէն մը: Սեմինարի ընթացքին ԿԵՄ-ականներուն փոխանցուեցան դաստիարակչական հետաքրքրական նիւթեր: