Գանատայի խորհրդարանի հերթական նիստին, խորհրդարանի անդամ եւ ընդդիմադիր Ազատական կուսակցութեան անդամ Ճիմ Գարիեանիս հանդէս եկած է Ատրպէյճանին ուղղուած յայտարարութեամբ, ուր կոչ ուղղած է երկրին՝ յարգելու զինադադարը սահմանին վրայ։ 

Գարիեանիս աւելցուցած է, որ Մինսկի խումբի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչները ներկայիս կ’այցելեն տարածաշրջան, ու նման խախտումներ կը միտին արգելակելու Մինսկի խումբի աշխատանքները։
«ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբը հակամարտութեան լուծման միակ ձեւաչափն է: Միասին աշխատինք, որ ապագային նման երեւոյթներ, ինչպէս Յունուար 19-ի ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւնը սահմանին վրայ, տեղի չունենան»։
Գարիեանիս 2012-ին այցելած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն եւ այդ տարուան նախագահական ընտրութիւններուն ներկայ գտնուած է իբր դիտորդ։ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութեան համանախագահ է։