Սուրիոյ Տարաայի շրջակայքը կատարուող մարտերու ընթացքին, վիրաւորուած է դամասկոսահայ երիտասարդ Սագօ Նազարէթ Շալաշը եւ փոխադրուած՝ Ղունէյթրայի հիւանդանոց: Շատ չանցած ան մահացած է:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:

Ատրպէյճանցի ոճրագործին կողմէ դաւադրաբար սպաննուած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի մահուան 10-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ տեղի ունեցաւ Փետրուար 19-ին Հունգարիոյ Հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ:

Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճան Փերեզ Հինգշաբթի, Փետրուար 20ին ներկայացուց բանաձեւ մը, որ կը վերահաստատէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Քալիֆորնիոյ հաստատակամ դիրքորոշումը:

Ուրուկուէյի հայ համայնքը ուղիներ կը փնտռէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան ստեղծելու համար: Այս մասին կը յայտնէ Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Յակոբ Թապագեան:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արսէն Աւագով յայտնած է, որ հրահանգ տրուած է ձերբակալելու Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչը: