ՀՐԹԻՌՆԵՐԸ ԻՆԿԱՆ 
ՔԱՐԷՆ ԵՓՓԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ ԴԻՄԱՑԻ ՄԱՅԹԻՆ ՎՐԱՅ

ՀԱԼԷՊ, «Բերիոյ Նիուզ».- Անցնող շաբաթավերջին Հալէպի Նոր Գիւղ-Պոստան Փաշա խաչմերուկին վրայ չորս պայթումներ տեղի ունեցան՝ ահ ու սարսափի մատնելով շրջանի ջախջախիչ մեծամասնութեամբ հայ բնակիչները։

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 26 Փետրուար 2014-ին, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ազատամարտի մեկնարկին 24-րդ տարեդարձին առիթով եւ Արցախի հերոսներու յիշատակին նուիրուած ծառատնկում: Վիգէն Զաքարեանի յիշատակը յաւերժացնող ծառ մը զետեղուեցաւ Ճեմարանի բակին մէջ:

Որպէս, ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ Ընկերային Յանձնաժողովի (ECOSOC) խորհրդատու անդամ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, այս տարի եւս, կը մասնակցի Նիւ Եորքի մէջ Մարտ 10-21, 2014-ին կայանալիք ՄԱԿ-ի Կիներու Իրավիճակի Յանձնաժողովի (CSW) 58րդ համաժողովին:

Զուիցերիան կրնայ մինչեւ Մարտ 15 դիմում ներկայացնել թուրք ազգայնամոլ գործիչ Տողու Փերինչեքի հարցով Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին դատավճիռը վերատեսութեան ենթարկելու նպատակով:

2014 Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կարելի նկատեց սկսիլ ապագայ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միանալու մասին համաձայնագիրի նախագիծին պատրաստման: