Այսօր ժամը 12:00ին Պրիւքսելի մէջ պիտի քննարկուի Գերմանիոյ առաջարկը՝ Ռուսիոյ դէմ տնտեսական միջոցառումներու դիմելու մասին
Խրիմի խորհրդարանի անդամները երէկ միաձայնութեամբ որդեգրեցին դիմում մը, որ Մոսկուայէն կը խնդրէ ինքնավար հանրապետութեան արտօնել Ռուսիոյ դաշնութեան մաս կազմել:
Անոնք յայտնեցին, որ դրական պատասխան ստանալու պարագային Խրիմի քաղաքացիները կրնան իրենց տեսակէտը յայտնել 16 Մարտին նախատեսուած հանրաքուէի մը ընթացքին: Խրիմի խորհրդարանի նախագահ Սերկէյ Ցեքով յայտնեց, որ «ասիկա կը նշանակէ, որ մենք վերամիացած ենք մեր հայրենիքին, որուն մաս կազմած ենք այսքան երկար ատենէ ի վեր»:
Քրեմլին յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին տեղեակ է այս զարգացումէն: Եթէ Ռուսիա կանաչ լոյսը տայ, 16 Մարտի հանրաքուէին ընթացքին Խրիմի ժողովուրդին երկու հարցում պիտի ուղղուի. «Խրիմի իբրեւ ռուսական դաշնութեան ենթակայ Ռուսիոյ վերամիանալուն կը զօրակցի՞ս» եւ «Խրիմի Ուքրանիոյ մէջ ունեցած կարգավիճակի պահպանման կը զօրակցի՞ս»:
Խրիմի վարչապետ Ռուսթամ Թմիրճալիեւ յայտնեց, որ Խրիմը Ռուսիոյ միացնելու որոշումը որդեգրուելէն ետք ուժի մէջ մտած է, եւ «Խրիմի մէջ գտնուող ուքրանական զինեալ ուժերը բռնագրաւող պիտի նկատուին, անոնք պէտք է յանձնուին կամ հեռանան»:
Ուքրանիոյ ժամանակաւոր վարչապետ Արսէնի Եացենիուք յայտնեց, որ Խրիմի խորհրդարանի քայլը օրինական հիմքերէ զուրկ է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Հռոմի մէջ Լիպիոյ շուրջ խորհրդաժողովի մը ծիրին մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն աւարտին Լաւրով ըսաւ. «Առայժմ միջազգային ընտանիքին չենք կրնար ըսել, որ համաձայնութիւն գոյացուցած ենք»:
Սպիտակ Տունը Ուքրանիոյ Կառավարութեան
Կոչ Ուղղած Է Ռուսերուն Իրաւունքները
Պաշտպանելու
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ նոր կառավարութիւնը պէտք է ապահովէ բոլոր քաղաքացիներուն, ներառեալ՝ ռուսերուն իրաւունքները: Ըստ անոր, ակնյայտ է, որ Մոսկուան Խրիմի հարցին մէջ եւ ընդհանուր առմամբ Ուքրանիոյ մէջ ունի իր հետաքրքրութիւնները: «Ոչ ոք կասկածի տակ կը դնէ, որ ռուսեր կան Խրիմի եւ Ուքրանիոյ այլ շրջաններուն մէջ: Պէտք է ապահովել, որ ռուսերը պաշտպանուած ըլլան», ըսած է ան: