ՀՐԹԻՌՆԵՐԸ ԻՆԿԱՆ 
ՔԱՐԷՆ ԵՓՓԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ ԴԻՄԱՑԻ ՄԱՅԹԻՆ ՎՐԱՅ

ՀԱԼԷՊ, «Բերիոյ Նիուզ».- Անցնող շաբաթավերջին Հալէպի Նոր Գիւղ-Պոստան Փաշա խաչմերուկին վրայ չորս պայթումներ տեղի ունեցան՝ ահ ու սարսափի մատնելով շրջանի ջախջախիչ մեծամասնութեամբ հայ բնակիչները։

Առաջին հրթիռը «Մարաբօ» շէնքին դիմաց ինկաւ, երկրորդ եւ երրորդ հրթիռները՝ Նոր Գիւղի մայր փողոցը, իսկ չորրորդ հրթիռը՝ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանին դիմացի մայթին վրայ։ Պայթումներուն պատճառով բանակայիններ վիրաւորուեցան, ինչպէս նաեւ արձանագրուեցան նիւթական լուրջ վնասներ։
Չորս հրթիռները, որոնք մէկ ժամուան ընթացքին ինկան յաջորդաբար, տեղական պատրաստութիւնն են՝ կազի շիշով, ու կը կոչուին «Մատֆահ ժահաննամ» (դժոխայաին հրետանի):