«Րաֆֆին կերտել է հերոսների այնպիսի կերպարներ, 
որոնք ոգեշնչող օրինակներ են դարձել հայ երիտասարդութեան 
բազում սերունդների համար»

Մարտ 13-ին Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Թիֆլիսի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ Թիֆլիսի քաղաքի Սոլոլակ թաղամասի Ճոնքածէ 3 հասցէին, ուր բնակած է հայազգի տաղանդաւոր գրող եւ հասարակական գործիչ Րաֆֆին (Յակոբ Մելիք-Յակոբեան), տեղի ունեցաւ անոր յիշատակին նուիրուած յուշատախտակի բացման արարողութիւնը:

Քոսովոյի մէջ խաղաղարար առաքելութեան մասնակցող հայ զինուորական ծառայողները Հարաւային Դակոտայի ազգային պահակախումբի զինուորներու հետ օդային արագ արձագանգման դասընթացներու մասնակցած են Մարտ 12-ին Պոնտսթիլ ճամբարին մէջ:

Ուրբաթ 14 Մարտին Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին մէջ Մեծ Պահոց հսկումի երկոյեան արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը՝ 2014 Հայ Տարեցի տարուան առիթով, «Տարեցին խնամքը Աստուածաշունչին մէջ» նիւթով: Նիւթը ներկայացուց պրն. Հրայր Ճէպէճեան՝ Արաբական Ծոցի Աստուծաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար:

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իւրաքանչիւր տարին կը ձօնէ մեր ժողովուրդին կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէքի կամ երեւոյթի, Հայ ժողովուրդի զաւակները հրաւիրելով ամբողջ տարուան ընթացքին խորհրդածելու այդ մասին եւ գործնական քայլերու դիմելու այդ ուղղութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը 2014 տարին հռչակեց «Տարեցներու տարի»։

Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի Տնօրէն տոքթ. Ռազմիկ Փանոսեանը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի պատրաստած նոր ծրագիրը՝ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար։