Զուիցերիան կրնայ մինչեւ Մարտ 15 դիմում ներկայացնել թուրք ազգայնամոլ գործիչ Տողու Փերինչեքի հարցով Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին դատավճիռը վերատեսութեան ենթարկելու նպատակով:
Հայաստանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպան Լուքաս Կասերի համաձայն՝ Զուիցերիոյ իշխանութիւնները լուրջ քննարկումներու մէջ են այս հարցին առնչութեամբ, սակայն ցարդ յայտնի չէ, թէ Զուիցերիան ի՛նչ դիրքորոշում պիտի որդեգրէ: