2014 Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կարելի նկատեց սկսիլ ապագայ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միանալու մասին համաձայնագիրի նախագիծին պատրաստման:
Յղում կատարելով ԻԹԱՌ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան‘ «Արմէնփրես» հաղորդեց, որ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին Ռուսիոյ նախագահը նշեց, որ Հայաստանի հետ ընդունուած է եւ յաջողութեամբ կ՛իրականացուի Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական միութեան տարածքի չափանիշներուն ու պահանջներուն ընտելանալու նախաձեռնութիւններուն ծրագիրը:
«Ուստի կարելի կը նկատենք ձեռնամուխ ըլլալ ապագայ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միացման մասին համաձայնագիրի նախագիծի պատրաստման», ըսաւ Փութին‘ աւելցնելով որ այդ աշխատանքին ընթացքին անհրաժեշտ է կշռադատել անդամակցութեան հոլովոյթներու բոլոր մասնակիցներուն համար դրական ու բացասական բոլոր գործօնները: