Յունական Zougla.gr կայքէջը կը հաղորդէ թէ Մալաթիոյ քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ քանդուած է Քիլթեփէ թաղաշրջանին մէջ գտնուող հայկական գերզմանատան մատուռը, որ կը գործածուէր թաղման կարգերու եւ արարողութիւններու համար:
Հոն կը բնակէր նաեւ տեղացի հայ պահակը, որ դամբարաններու հոգատարութեամբ բեռնաւորուած էր: Յունական կայքէջը կը նշէ, թէ անցեալին բազմաթիւ հայերու բնակութեան վայր եղած Մալաթիոյ մէջ՝ ներկայիս շատ փոքր է հայերուն թիւը:
Պոլսոյ մէջ գտնուող Մալաթիոյ հայերու բարեսիրական միութեան (Malatyali Hayirsever Ermeniler Derneg, Hayder) պատկանող այս կառոյցի ջանքերով վերականգնած այս կառոյցը արժած էր 110 հազար թրքական լիրա (50.000 եւրօ):
Ըստ թրքական թերթերու հաղորդումներուն (Malatya Haber եւ Ռատիքալ), մատուռը քանդուած է որպէս հակազդեցութիւն Մալաթիոյ ընկերութեան կողմէ, Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի հետեւանքով:
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք» եւս յօդուած մը հրատարակած է այս գծով, ուր կը նշէ, թէ «այս բոլորը ցոյց կու տայ հայերուն իրական վիճակը Թուրքիոյ մէջ»: