Թրքական «ՀապերԹիւրք» պատկերասփիւռի կայանը Հինգշաբթի, Փետրուար 2ին հաղորդած է, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, համոզուած ըլլալով, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը պիտի վաւերացնէ Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը՝ գաղտնի հեռախօսազրոյցներ ունեցած է ֆրանսացի ծերակուտականներու եւ երեսփոխաններու հետ,
համոզելու համար զանոնք, որ օրինագիծին սահմանադրական ըլլալու հարցը ներկայացնեն Սահմանադրական խորհուրդ:
«Փարիզի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատունը, հիւպատոսութիւնները, թրքական կազմակերպութիւններն ու Արտասահմանի թուրքերու նախագահութիւնը կատարած են խիստ եւ աշխոյժ լոպիական աշխատանք, որուն հետեւանքով՝ կարելի եղած է օրինագիծը բողոքարկել: Թուրքիա կը շարունակէ իր այդ դիւանագիտութիւնը՝ իրաւական գործընթացին վրայ ազդելու եւ զայն իր օգտին շրջելու համար», աւելցուցած է կայանը:
Կը նշուի, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի 9 անդամներէն են Ֆրանսայի նախկին նախագահներ Ժագ Շիրաքն ու Վալերի Ժիրսքար Տ՛Էսթեն, որոնցմէ առաջինը անցեալին յայտարարած էր, թէ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ երկրորդը դէմ արտայայտուած էր Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու ջանքերուն եւ յայտարարած, թէ Թուրքիա եւրոպական երկիր չէ:
Թրքական կողմը «Թուրքիոյ բարեկամ» կը համարէ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Ժան Լուիս Տեպրէին, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահ եղած օրերուն՝ 2006ին, կանխած է նմանատիպ օրինագիծի վաւերացումը, ինչպէս նաեւ՝ ելեւմուտքի նախկին նախարար Միշել Շարազին, որ անցեալին ձեռնպահ մնացած է նման օրինագիծերու գծով: