- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ հալածուած, բանտարկուած եւ մի քանի օր առաջ ազատ արձակուած թուրք հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու՝ մրցանակ ստացած է Անգարայի համալսարանի կողմէ «Խտրականութեան դէմ պայքարի» համար: Մրցանակը ստացած է իր քոյրը:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք «Ցաւը կիսելու եւ վէրքերը բուժելու առաջին քայլ» խորագիրով գիտաժողովին ընթացքին յայտնած է, որ 19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին «մեզի հետ համատեղ ապրող հարիւրաւոր հայեր ստիպուած եղան լքելու իրենց տուները, եւ ատիկա պէտք է յիշել»:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Ապրիլ 24ի նախօրեակին
Վերջին տարիներուն անշրջանցելի ֆոլքլոր դարձած է. Ապրիլ 24ի շեմին՝ նախ «հակաթուրք» բանաձեւերու նախաձեռնութիւններու կամ ծրագիրներու մասին արձագանգներ կը հասնին ԱՄՆ-էն, ապա կը սկսի աւանդական այն արարը՝ աճուրդներ կը կատարուին այն մասին, թէ արդեօք ԱՄՆ-ու նախագահը այս տարի «ցեղասպանութիւն» բառը պիտի արտասանէ՞, թէ ոչ:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Մինչ, Պաղըշ եւ Պահչէլի, Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան ժխտումի «շօու»եր կը շռայլեն, եւ անոնցմէ առաջինը Զուիցերիոյ մէջ, -ուր ի զօրու է պատժելիութեան օրէնքը-, կը խուսափի անկէ՝ շնորհիւ դիւանագէտի իր անձեռնմխելիութեան, Սլովաքիոյ Բարձրագոյն ատեանի նախագահ Սթեֆան Հարապին յայտարարած է, թէ այդ ուղղութեամբ իր երկիրը անդրդուելի պիտի ըլլայ:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Պոլսոյ դատախազութեան ծանր յանցագործութիւններու 15-րդ դատարանը որոշում հրապարակած է ամիսներէ ի վեր կալանաւորուած թուրք հրատարակիչ, իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուն ազատ արձակելու մասին: