Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին, Եւրոմիութեան համար Թուրքիան բնութագրած է իբրեւ «մարտահրաւէր»:
Նշելէ ետք որ Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու հարցով Ֆրանսայի դիրքորոշումը չէ փոխ-ւած՝ Ժիւփէ ըսած է, որ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն մէջ ծագած տնտեսական ճգնաժամը ցոյց տուած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար դիմանալ Թուրքիոյ պէս մեծ երկրի մը անդամակցութեան, որովհետեւ այդ երկիրը ծանր բեռ մը պիտի ըլլայ Եւրոմիութեան համար:
Ան յիշեցուցած է, թէ Ֆրանսա կը փափաքի, որ Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դառնալու փոխարէն գործընկերութեան յատուկ համաձայնագիր ստորագրէ Պրիւքսէլի հետ: